2015-04-23 13:52:00

Սուրբ Գէորգ` Ֆրանչիսկոս Պապի անուանակոչութեան տօնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կաթողիկէ տիեզերական եկեղեցին, այսօր կը յիշատակէ Սուրբ Գէորգի տօնը։ Տօնն է նաեւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի, Եորկէ Մարիօ Պերկոլիոյի` անուանակոչութեան։ 

Այս առթիւ, Վատիկանի ձայնասփիւռի հետ ունեցած հարցազրոյցի մէջ  Քահանայապետկան ծիսական արարողութիւններու պատասխանատու` գերապայծառ Կուլլիէրմօ Քարչէրի յայտնած է  թէ Ֆրանչիսկոս Պապը նման է ՝արդի Սուրբ Գէորգի։ Ան  մեծ պայքարող մըն է ընդդէմ չարին, եւ այս մէկը կ՝ընէ ճշմարիտ քրիստոնէական հոգիով։ Անոր մէջ կը տեսնեմ Քրիստոսը որ բարին կը սերմանէ պայքարելու համար չարին՝ դէմ, ըսած է քահանայապետական ծիսական արարողութիւններու պատասխանատուն մաղթանք յայտնելով որ Սուրբ Գէորգը պաշտպան կանգնի Ֆրանչիսկոս Պապին, որպէսզի Ան կարենայ շարունակել իր առաքելութիւնը բարին սերմանելով եւ յարատեւելով չարին դէմ իր պայքարին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.